Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Տիտղոսը Պահեցինք Մեր Մօտ` Բոլորին Ճիգերով Եւ Աշխատանքներով

June 17, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ

2015-2016 տարեշրջանը ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին համար եղաւ անկիւնադարձային հանգրուան մը` նկատի ունենալով, որ մասնաճիւղի աղջկանց կազմը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:

Սակայն այս իրագործումէն աւելի դժուար առաքելութիւն մըն ալ յաջողցուցինք, երբ տիտղոսը պահեցինք մեր մօտ եւ յաջորդաբար երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով, 2016-2017 տարեշրջանին անգամ մը եւս եկանք բարձրացնելու ախոյեանութեան տիտղոսը` դարձեալ յաղթելով Ռիատիի:

10 ամիսներ շարունակ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւն, պասքեթպոլի յանձնախումբ, թեքնիք յանձնախումբ, բոլորս միասին կը հետեւէինք խումբին աշխատանքներուն:

Այս տարեշրջանին նախօրեակին մեր կազմին միացուցինք Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած լիբանանցի տեղացի մարզիկ մը, սակայն ան փորձերու ընթացքին վիրաւորուելով շուրջ եօթը ամիս բացակայեցաւ:

2015-2016 տարեշրջանին խումբին աստղերէն խմբապետ Նաթալի Սվաճեան իր կարգին 2016-2017 տարեշրջանին բացակայեցաւ (տարուան մը հանգիստի համար միայն):

Լիբանանի աղջկանց ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին խումբերուն իրաւունք տրուեցաւ մրցումներուն մասնակցիլ 2 օտարականով:

Այստեղ հետաքրքրական մատնանշում մը կատարելով կ՛ուզեմ շեշտել այն ուշագրաւ եւ կարեւոր կէտը, որ երբ խումբերը իրենց ֆայնըլ-ֆորի տոմսերը ապահովեցին երկու օտարականով, անդին ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր այդ տոմսը ապահովեց` մրցելով միայն մէկ օտարականով:

Ասիկա եկաւ փաստելու այն, որ նոյնիսկ մէկ օտարական մարզիկով ՀՄԸՄ կրնայ յաղթել 2 օտարական ունեցող խումբի մը:

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց մօտ գոյութիւն ունեցող ՀՄԸՄ-ական պայքարի ոգին, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ կիրարկուած բացառիկ խաղարկութիւնը ՀՄԸՄ-ը հասցուցին աւարտականին:

Ի վերջոյ աւարտականի ճակատումը կատարեցինք 2 օտարականով, որոնք ցուցաբերեցին բարձր մակարդակի խաղարկութիւն, եւ ասով փաստուեցաւ, որ պասքեթպոլի յանձնախումբը կրցած է լաւ աշխատանք կատարել օտար մարզիկները ընտրելու առումով:

Եթէ դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաջողեցան յաղթանակներ կերտել, անդին արձանագրուած այդ նուաճումներուն մէջ իրենց մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցան խումբին համակիրները, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ միշտ եկան քաջալերելու եւ նեցուկ կանգնելու իրենց սիրելի խումբին:

Նորանոր նուաճումներու ակնկալութեամբ:

Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը,
Կեցցե՛ն ՀՄԸՄ-ի համակիրները,
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը:

 

 

Նախորդը

«Նորուէյ Չես». Լեւոն Արոնեան Տիտղոսակիր` Առանց Պարտութիւն Կրելու

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.