Գերմանացի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ճափոնի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան պայմանագրութիւն մը կնքեց Վեսել Քոպէ ակումբին հետ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 32 տարեկան յառաջապահին փոխանցման գումարը կազմեց 2,6 միլիոն եւրօ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահը նախապէս մաս կազմած է Քէօլնի, Պայէրն Միւնիխի, Արսենալի, Ինթեր Միլանի եւ Կալաթասարայի: