17 յունիսէն 2 յուլիս Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքը:
ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին ընթացքին պիտի կիրարկուի չորրորդ փոխարինման դրութիւնը, սակայն այն ժամանակ միայն, եթէ մրցումը երկարաձգուի:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերմանիա, Փորթուգալ, Չիլի, Ռուսիա, Մեքսիքա, Քամերուն, Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի, Սոչիի եւ Քազանի դաշտերուն վրայ: