
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող «Նորուէյ Չես-2017»-ի ճատրակի գերմրցաշարքին, յաջորդական երեք յաղթանակներէ ետք ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի նախկին ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ` 32-րդ շարժումին:
Այս 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին, Արոնեանը հետապնդող ամերիկացի Ուեսլի Սօ իր ազգակիցին` Հիքարու Նաքամուրայի հետ հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Այսօր` ուրբաթ, 16 յունիսին, 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Արոնեան, որ սեւ քարերով կը մրցի Սոյի դէմ, ունի 5,5 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ Արոնեան անպարտելի է (3 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն):