Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Նորուէյ Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իրեն վերջին մրցակից ունեցաւ ամերիկացի Ուեսլի Սոն, անոր հետ սեւ քարերով արձանագրեց հաւասարութիւն մը:
Լեւոն Արոնեան, որ այս մրցաշարքին յաղթեց աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի, աշխարհի նախկին ախոյեան ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի եւ ռուս Սերկէյ Քարժաքինի, այսպիսով արձանագրեց մրցաշարքի իր 6-րդ հաւասարութիւնը` առանց պարտութիւն կրելու:
Հայրենի կրանտմասթըրը, որ նախորդ տարի գրաւած էր երկրորդ դիրքը` Քարլսընի ետին, տիրացաւ տիտղոսին` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 6 կէտ եւ կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով ամերիկացի Հիքարու նաքամուրան եւ Քրամնիքը:
Կը շնորհաւորենք Լեւոն Արոնեանը` տիտղոսակիր դառնալուն առիթով, մանաւանդ որ իր դէմ ունեցաւ բաւական զօրաւոր մրցակիցներ: