Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Մկրտչեան ներկայացուց իր հրաժարականը եւ հեռացաւ Հայաստանէն, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը:
21 յունուար 2017-ին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած Մկրտչեան ընտանեկան պատճառներով հեռացաւ Հայաստանէն` ուղղուելով Պելճիքա:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը այսօր` երկուշաբթի, 19 յունիսին այս գծով պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ:



