Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, նախքան իր օրակարգին վրայ եղող հարցերուն քննարկումը, շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ յաղթանակով վերադարձաւ Մալեզիայէն:
Իր արձանագրած այս երրորդ յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի կազմը այժմ մեծ յոյսեր ունի Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի իր տոմսը ապահովելու առնչութեամբ:
Այս առիթով ֆետերասիոնը անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ:
Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը եւ նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 22 յուլիս 2017-ին, կրած են վայրի փոփոխութիւն եւ այժմ անոնք տեղի պիտի ունենան «Պրիսթոլ» պանդոկի (Վերտան) «Կոլտըն Ռում» սրահին մէջ:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը միակն է, որ իրաւունք ունի ֆութպոլի առնչութեամբ որեւէ ձեւի ախոյեանութիւն եւ մրցաշարք հիւրընկալելու: Հետեւեաբար այսպէս կոչուած մինի-ֆութպոլի ֆետերասիոն կոչուած անօրինական միութիւնը ոչ մէկ ձեւի մրցաշարք իրաւունք ունի կազմակերպելու:
Ոչ մէկ ակումբ, պատասխանատու, իրաւարար կամ մարզիկ այդ միութեան կազմակերպած մրցումներուն իրաւունք ունի մասնակցելու: Այլապէս այդ ակումբին անունը պիտի ջնջուի ֆետերասիոնին տոմարներէն:
Ֆութպոլի բոլոր աքատեմիները, ֆետերասիոնին մօտ յատուկ հանդիպում ժողովի մը հրաւիրուեցան, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար գործակցիլ եւ աւելի լաւ արդիւնքի հասնիլ ապագայի հաշուոյն:
Այդ աքատեմիներուն թելադրուեցաւ, հետեւիլ ֆետերասիոնին բոլոր օրէնքներուն եւ առանց ֆետերասիոնին արտօնութեան Լիբանանէն դուրս տեղի ունեցող ոչ մէկ տեսակի մրցաշարքի մասնակցիլ:
Այն աքատեմիները, որոնք կ՛ուզեն ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուիլ, պէտք է ամբողջացնեն իրենց բոլոր թղթածրարները եւ զանոնք ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ներկայացնեն ֆետերասիոնին:
Ֆետերասիոնին մօտ անդամագրուած ակումբները պարտին վճարել մէկուկէս միլիոն լիբանանեան ոսկի, իսկ անձնական աքատեմիները` երեք միլիոն լիբանանեան ոսկի:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 19 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ: