Սպանական մամուլին համաձայն, փորձառու միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, 2018-ի ամրան շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն` Պարսելոնայէն, որովհետեւ վերջինս չ՛ուզեր երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը:
Սակայն այս գծով ցարդ պաշտօնական ոչինչ կայ, որովհետեւ կրնայ յանկարծ կացութիւնը շրջուիլ եւ քաթալոնական ակումբը անոր առաջարկ մը ներկայացնել:
Կը նշուի, որ Ինիեսթայով շատ մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Եուվենթուս, որ կը փորձէ ձեռք ձգել այս փորձառու միջնապահը, որուն մակարդակը սակայն, ըստ Պարսելոնայի, վերջին շրջանին քիչ մը անկում կրած է: