
Իր պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մաս կազմող Թրիփոլիի մարզիչ Թէօ Պոյեքըր անմիջապէս ձեռնարկեց իր կազմը զօրացնելու գործին:
Կը նշուի, որ շատ շուտով անոր կազմին պիտի միանան Նըժմէի հիմնական եւ կարեւոր մարզիկներէն երկուքը` Ապպաս Աթուէ եւ Պիլալ Նաժժարին:
Երկու մարզիկներն ալ այս տարեշրջանին բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին իրենց ակումբին հետ:
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի բաժակակիր Անսար կը փորձէ ամէն գնով իր կազմին միացնել Ահտի մարզիկներէն Ապպաս Աթուէ Ունիքան:
Կը նշուի, որ երկու ակումբները գրեթէ համաձայնած են այս հարցին շուրջ: Կը մնայ միայն նիւթական առումով փոքր մանրամասնութիւն մը, որ կը կարծուի, թէ պիտի գտնէ իր լուծումը: