Գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոյեքըր, որ բաւական ճանչցուած անուն մըն է լիբանանեան ֆութպոլի աշխարհին մէջ, նշանակուեցաւ Ա. դասակարգի կազմերէն Թրիփոլիի մարզիչ:
1948-ին ծնած եւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած Պոյեքըր եւ անոր կինը լիբանանցի են, ան եղած է Սաժեսի, Ահտի եւ Նըժմէի մարզիչ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ:
Ան պիտի փորձէ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին լաւ արդիւնք արձանագրել, մանաւանդ որ Թրիփոլի նախորդ տարեշրջանին մեծ պայքար մղեց Բ. դասակարգ չփոխադրուելու համար: