Կարճ դադարէ մը ետք, Փիւնիկ Երեւան նախորդ շաբաթավերջին ակումբին մարզադպրոցի մէջ վերսկսաւ իր փորձերուն` նախապատրաստուելու համար «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանի զտումի մրցումներուն:
Ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ խումբին գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արմէն Կիւլպուտաղեանց, որուն պիտի օգնեն մարզիչներ Սուրէն Չախալեան, Աշոտ Աւետիսեան, Արան Կիւլպուտաղեան եւ բերդապահներու մարզիչ Հայկ Կիրակոսեան:
22 յունիսին Փիւնիկ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Շիրակի դէմ, իսկ 24 յունիսին ուսումնամարզական հաւաքի մը պիտի սկսի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Կ՛ակնկալուի, որ խումբը օժտուի նորեկ մարզիկներով:
2007-2008 ժամանակամիջոցին Կիւլպուտաղեանց նոյնպէս եղած է Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ:
Հայաստանի մէջ անոր վերջին ակումբը հանդիսացած է Ալաշկերտը, որուն մարզիչը եղած է 2013-2014-ին: