Կազմակերպութեամբ Պէյթ Մերիի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, ծրագրուած էր, որ կիրակի, 18 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 17:00, տեղի պիտի ունենար դասական ինքնաշարժներու ցուցադրական օրը, Պէյթ Մերիի հրապարակին մօտ:
Սակայն անոր կազմակերպիչները երէկ իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ անիկա կը յետաձգուի 3 սեպտեմբերին` նկատի ունենալով, որ դասական ինքնաշարժներ ունեցողներուն մեծամասնութիւնը յայտնեցին, որ նախապէս ճշդուած թուականին պիտի գտնուին երկրէն դուրս: