Գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին համաձայն, Պորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ չինական ակումբէ մը ստացած է տարեկան 30 միլիոն եւրօ աշխատավարձի առաջարկ մը:
Անոր փոխանցման համար չինական ակումբը Տորթմունտին պատրաստ է վճարելու 80 միլիոն եւրօ:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 2016-2017 տարեշրջանի լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացած (31 կոլով) 28 տարեկան Օպամեյանկ արդեօք պիտի ընդունի՞ իրեն ներկայացած այս առիթը, թէ՞ պիտի մնայ իր ակումբին հետ, որուն հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2020: