Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Պարսելոնա Սպանիա հրաւիրեց պրազիլական Շափոքոյենսէ ֆութպոլի ակումբը, որպէսզի անիկա իր մասնակցութիւնը բերէ 7 օգոստոսին տեղի ունենալիք «Թրոֆէօ Կամպեր» ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին:
29 նոյեմբեր 2017-ին միջազգային ֆութպոլի ընտանիքը ապրեցաւ սեւ օր մը, երբ պրազիլական Շափեքոյենսէ ֆութպոլի անձնակազմը փոխադրող օդանաւը, Քոլոմպիոյ վերեւ արկած մը ունենալով ջախջախուեցաւ: Արկածին զոհ գացին անձնակազմին բոլոր անդամները:



