Ամերիկացի անուանի պասքեթպոլի մասնագէտ Ֆիլ Ճեքսըն հեռացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի կազմերէն Նիւ Եորք Նիքսի նախագահի իր պաշտօնէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ան այս պաշտօնը կը վարէ 2014-էն ի վեր:
71 տարեկան Ճեքսըն իր տուած հրաժարականէն ետք յայտարարեց.
«Նիւ Եորք Նիքսը մի՛շտ իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ սրտիս մէջ: Այս խումբէն եւ այս քաղաքէն սկսայ իմ արհեստավարժ ասպարէզս: Մի՛շտ շնորհակալ պիտի ըլլամ անոնց»:
Յայտնենք, որ Ֆիլ Ճեքսըն «Էն. Պի. Էյ.»-ի 13-ակի ախոյեան է:
Ան երկու անգամ ախոյեան հանդիսացած է իբրեւ մարզիկ` Նիւ Եորք Նիքսի հետ, իսկ 11 անգամ ալ իբրեւ մարզիչ` Շիքակօ Պուլզի եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ:



