Իտալացի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի ըստ երեւոյթին նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին մէջ է, որովհետեւ չ՛ուզեր իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, կը յայտնէ «Մունտօ-Տեփորթիւօ»:
Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Վերաթթի փարիզեան ակումբին կողմէ ստացաւ տարեկան 12 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, սակայն 24 տարեկան ֆութպոլիստը կ՛ուզէ իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել այնպիսի խումբի մը հետ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիտղոսակիր ըլլալու թեկնածուներէն ըլլայ:
Կը նշուի, որ ներկայիս Վերաթթիով հետաքրքրուած են Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ, որոնք պատրաստ են անոր փոխանցման համար վճարելու 80-100 միլիոն եւրօ: