Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Կը Յայտարարէ Ախոյեանութիւններու Եւ Մրցաշարքերու Ցանկը

June 29, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր գումարած ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը եւ տուաւ որոշումներ:

Յայտարարուեցաւ, որ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 8-9 յուլիսին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ֆետերասիոնի ժողովին:

Ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղարը Ապտօ Նատեր 26 յուլիսին պիտի մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու ժողովին` նկատի ունենալով, որ Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը տեղի կ՛ունենան այս տարի` Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի 24-28 յուլիսին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերու հեծելարշաւի մրցումներուն, Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Էլիաս Ապու Ռաշիտ, Ապտալլա Աար, Ճոն Աուն, Էմիլ Տաու, Եուսեֆ Մրատ, Ռոյ Ռուքոզ եւ Ալեքսանտրա Իրանի:

Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ Ալէյ ակումբին ֆետերասիոնի ընտանիքին միացումին:

Հաւանութիւն տրուեցաւ նաեւ Շապապ Էշրեֆիէ ակումբին, որ իր մասնակցութիւնը բերէ Լիբանանի 2017 տարուան ախոյեանութեան` Աթլեթիքօ Ռիատի – Պէյրութ ակումբին արտօնագիրով:

Ֆետերասիոնը հրապարակեց այս ամիս տեղի ունենալիք կարգ մը ախոյեանութիւններու եւ տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ցանկը: Անոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 յուլիսին, անիկա պիտի ըլլայ ժամացոյցի դէմ մրցում մը: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մայրուղիին վրայ` Քարանթինայէն Հազմիէ:

Կիրակի, 16 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի հեծելարշաւի ճամբու ախոյեանութիւնը` Զաարուր – Պիսքանթա մայրուղիին վրայ:

Տեղի պիտի ունենան նաեւ հեծելարշաւի այլ մրցումներ, կազմակերպուած` տարբեր միութիւններու կողմէ` Տէյր Քամարի, Պշարրէի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Վերջապէս, յայտարարուեցաւ, որ անցեալի ախոյեան Մաքսիմ Շաայա վերադառնալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան մասթըրզի մրցումներուն (յուլիսի կէսերուն):

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 1 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի` Տորթմունտի Մէջ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.