Պրազիլի ֆութպոլի ոչ արհեստավարժ ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը ընթացքին կատարուեցաւ վտանգաւոր արարք մը:
Արդարեւ, օրուան իրաւարարը, որ նաեւ ոստիկան է, սուլեց փենալթի մը: Այս վճիռէն դժգոհ մնալով` ֆութպոլիստներէն մէկը հարուածեց իրաւարարին:
Ոստիկան-իրաւարարը այդ արարքը չկարենալով մարսել, անմիջապէս ուղղուելով նստարան իր պայուսակին մէջէն առաւ իր զէնքն ու ձեռնաշղթաները եւ վազեց զինք հարուածած ֆութպոլիստին ետեւէն, որ ցանկապատին վրայէն ցատկելով պատսպարուեցաւ հանդերձարանին մէջ:
Ասոր ի տես, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 2 տարիով կախակայեց այդ իրաւարարը: