Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան երկրորդ օրը` երէկ, Հայաստան տիրացաւ 2 յաւելեալ մետալներու:
Առաջին օրը պրոնզ մետալի տիրացած էր Կարէն Չուրաբեան` 50 քկ դասակարգին մէջ:
120 քկ դասակարգին մէջ Յովհաննէս Մաղակեան` թէեւ հասաւ աւարտական, սակայն պարտութիւն կրելով տիրացաւ արծաթ մետալին: Իսկ Հայաստանի համար երկրորդ պրոնզ մետալը ապահովեց Արսէն Յարութիւնեան:



