Մարզական

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայ Ըմբիշները Տիրացան Երկու Մետալի

Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան առաջին օրը` շաբաթ, 1 յուլիսին, Հայաստան տիրացաւ 2 պրոնզ մետալի: 60 քկ դասակարգին մէջ Հրաչեայ Պօղոսեան, իսկ 74 քկ դասակարգին մէջ Մալխաս Ամոյեան եղան այդ երկու մետալները ապահովողները: Աշոտ Մխիթարեան (50 քկ) եւ Արթուր Մխոյեան (96 քկ) պրոնզ մետալի համար իրենց մղած պայքարին մէջ պարտուեցան:

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Գերմանիա Տիրացաւ Տիտղոսին` Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 3-րդ դիրքի մրցումը եւ աւարտականի ճակատումը: 3-րդ դիրքի մրցումին, Փորթուգալ երկարաձգումէն ետք 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մեքսիքային: Փեփէ (90-րդ) եւ Ատրիեն Սիլվա (104-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Փորթուգալի կոլերը, իսկ Նեթօ` Մեքսիքայի կոլը (55-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Իւրաքանչիւր կազմէ մէկական մարզիկ կարմիր քարտ ստացաւ: Մրցումին ներկայ էր...

Աւետիք Վարդանեան. «Իրաւարարներուն Պատճառով Զրկուեցանք Յաւելեալ Մետալներէ»

News.am-Sport-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աւետիք Վարդանեան ըսաւ, որ իր մարզիկները աւելի շատ մետալներու կրնային տիրանալ Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ աւարտած Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան ընթացքին: Ան նշեց, որ իրաւարարները հայրենի ըմբիշները զրկեցին յաւելեալ մետալներէ, եւ իր կազմը տիրացաւ միայն 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալի: Տորթմունտի մէջ 120 քկ դասակարգին մէջ...

Ալաշկերտ 18 Ֆութպոլիստով Մեկնեցաւ Անտորրա

Կիրակի, 2 յուլիսին, Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ մեկնեցաւ Անտորրա, ուր վաղը` երեքշաբթի, 4 յուլիսին, մրցում մը ունի կատարելիք Սանթա Քոլոմայի դէմ` «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Հայաստանի ախոյեանի կազմին մէջ են 18 ֆութպոլիստներ: Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, Ալաշկերտ յաղթեց նուազագոյն հաշուով:

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանի 1875 Խումբը Մեկնեցաւ Փարիզ

Նախորդ շաբաթավերջին Սեն Ժոզեֆ համալսարանի 1875 խումբը մեկնեցաւ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար վոլիպոլի միջազգային մրցաշարքի մը: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 6-13 յուլիսին` հսկողութեամբ Ֆրանսայի վոլիպոլի ֆետերասիոնին:

Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Գերմանիա Հանդիսացաւ Ախոյեան

Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ: Միչել Ուայզըրի նշանակած կոլին շնորհիւ (40-րդ), Գերմանիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: Մրցումին իրաւարարն էր ֆրանսացի Պենուա Պասթիեն, իսկ մրցումին ներկայ էր 14 հազար հանդիսատես: Այսպիսով, Գերմանիա երկրորդ անգամն ըլլալով կը հռչակուի Եւրոպայի ախոյեան: Անիկա...

Մեսսի Կը Վերադառնայ Պարսելոնա` Նոր Պայմանագրութիւն Մը Կնքելու

Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի աստղ Լիոնել Մեսսի իր հարսանիքէն մէկ օր ետք արդէն կը վերադառնայ Պարսելոնա: Կ՛ակնկալուի, որ ան շուտով երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ կը հաղորդէ «ԱՍ»: 30 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2021, իսկ անոր համար վճարուելիք հրաժարագինը պիտի կազմէ 400 միլիոն եւրօ: Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ:

Սարգիս Ադամեանի Առաջին Կոլը` Եահն Ռեկենզպուրկի Հետ

Գերմանական «Պունտըսլիկա-2»-ի իր տոմսը ապահոված Եահն Ռեկենզպուրկ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Օկզպուրկի երկրորդ խումբին: Մրցումին հաշիւը 29-րդ վայրկեանին բացաւ 24 տարեկան յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ դաշտ ներկայացաւ առաջին կիսախաղին: Ադամեան վերջերս գերմանական ոչ արհեստավարժ (4-րդ դասակարգ) կազմերէն մէկէն` Շթայնպախէն տեղափոխուեցաւ Եահն Ռեկենզպուրկ, որուն հետ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը:

Վեթերան Ֆութպոլիստներու Մրցում. Պարսելոնա – Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1-3

Պարսելոնայի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի վեթերան ֆութպոլիստները բարեգործական մրցումի մը ընթացքին նախորդ շաբաթավերջին իրարու դէմ յանդիման եկան «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ: Անգլիական կազմին մարզիկները 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին այս մրցումին` շնորհիւ Քարել Փոպորսքիի, Տուայթ Եորքի եւ Եսպըր Փլոմքվիսթի նշանակած կոլերուն: Պարսելոնայի կոլը նշանակեց` Ֆրետերիք Տէու:

«Էն. Պի. Էյ.». Սթեֆըն Քարիի Եւ Լեպրոն Ճէյմսի Մարզաշապիկները` Ամէնէն Շատ Ծախուողները

NBAStore.com վաճառատան տուեալներով, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարիի մարզաշապիկները ամէնէն շատ ծախուողներն են ախոյեանութեան ընթացքին: Երկրորդ դիրքին վրայ կը յայտնուի Քլիվլենտ Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ): «Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն արժէքաւոր մարզիկը ճանչցուած Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա Սիթի) յայտնուեցաւ չորրորդ դիրքին վրայ, իսկ Քաւալիրզին մաս...

Սամիր Շամխա. «Մեսսիի Լիբանան Գալը Այդքան Ալ Անկարելի Չէ»

Լիբանանցի առեւտրական Սամիր Շամխա «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի մարզական լրագրող Ղայեաս Տիպրայի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի աստղ` Լիոնել Մեսսի ապագային կրնայ Լիբանան գալ: «Յառաջիկայ երեքշաբթի օր Պարսելոնայի երեք աստղերուն` Փիքէի, Ալպայի եւ Պուսքեթցի Լիբանան գտնուիլը` Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումին առիթով, մեծ շարժառիթ մը պիտի ըլլայ Մեսսիի համար, որ ինք ալ...

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Վաղը` Չիլի – Գերմանիա Աւարտական Մրցումը

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը վաղը` կիրակի, 2 յուլիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` Չիլիի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Այս մրցումէն հինգ ժամ առաջ տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` Փորթուգալի եւ Մեքսիքայի միջեւ:  

«Մարինա»-ի Մէջ. Լիբանանի Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2016-2017 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

«Մարինա»-ի մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2016-2017 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներուն, մարզական լրագրողներու, մարզիկներուն, անոնց ծնողներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ յատուկ հրաւիրեալներու: Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները ըսաւ, որ յառաջիկային եւս պէտք է նոյն ընթացքը շարունակուի, եւ բոլորը տիրանան մրցանակներու` տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Կիրակի, 9 Յուլիսին` Արզի 26-րդ Ռելին

Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ կիրակի, 9 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Արզի 26-րդ ռելին` հիւսիսային Լիբանանի նահանգին մէջ: Անիկա կ՛իյնայ Լիբանանի 2017-ի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ` գարնանային եւ Ժեզզինի ռելիներէն ետք: Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 310,40 քմ: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի Էհտենի մէջ գտնուող «Էհտեն Քաունթրի Քլապ» պանդոկին առջեւէն: Արձանագրութեան վերջին...

Երեքշաբթի, 4 Յուլիսին. Լիբանանի Մինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կու Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

«Լանքասթըր-Թամեր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունենալիք յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 4 յուլիսին պիտի անդրադառնայ մինի ֆութպոլի փորձառական ախոյեանութեան գծով իր կազմակերպական աշխատանքին: Յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին տեղի ունենալիք այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պիտի կատարուի նաեւ այս ախոյեանութեան մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:

Արմէն Մկրտչեան. «Կը Խնդրեմ, Որ Չշահագործէք Անունս»

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Մկրտչեան մամլոյ ասուլիս մը տալով մանրամասնեց, թէ ինչո՞ւ հեռացաւ եւ լքեց իր պաշտօնը: «Մամուլին մէջ կարդացի, որ ես հեռացայ, որովհետեւ Գագիկ Ծառուկեան չկատարեց իր խոստումը: Իմ ներկայացուցած հրաժարականիս մէջ գրուած էր, որ ես կը հեռանամ աղջկանս առողջական խնդիրներուն պատճառով: Կը խնդրեմ բոլորէն, որ չշահագործեն իմ անունս եւ աւելորդ խօսակցութիւններու դուռ չբանան:...

Ճատրակ. «Կրանտ Չես Թուր». Արոնեան Յաղթեց Անանտին Եւ Քրամնիքին

Պելճիքայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Կրանտ Չես Թուր»-ի արագ ճատրակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, մասնակցող կրանտմասթըրները մրցաշարքին երկրորդ օրը կատարեցին երեքական մրցում: Թէեւ Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով պարտուեցաւ Եան Նեփոմնիաշչիէն (Ռուսիա), սակայն ճերմակ քարերով իր կատարած մրցումներուն յաղթեց Վիշվանաթան Անանտին (Հնդկաստան), եւ Վլատիմիր Քրամնիքին (Ռուսիա): Մրցաշարքին առաջին օրը, Արոնեան պարտուեցաւ աշխարհի գործող ախոյեան Մակնիւս Քարլսընէն (Նորվեկիա) եւ Անիշ...

Ռոնալտօ` Իր Երկուորեակ Զաւակներուն Հետ

Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ վաղը` կիրակի, 2 յուլիսին Մեքսիքայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի երրորդ դիրքի մրցումին ծիրին մէջ: Ան մեկնեցաւ Ռուսիայէն եւ բնականաբար լքեց Փորթուգալի հաւաքականը` նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպեցաւ իր երկուորեակ զաւակներուն` Էվայի եւ Մաթէոյի հետ: 32 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ...

Փերես. «Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Չենք Բանակցիր Մորաթթայի Հարցով»

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես ակումբին մաս կազմող սպանացի միջազգային յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթայի մասին շրջանառութեան դրուած լուրերուն անդրադառնալով ըսաւ. «Մենք բանակցութիւններ չենք կատարեր Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Կարգ մը անձեր այս գծով կը տարածեն անհիմն տեղեկութիւններ, որոնք երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Անոր մնալուն կամ հեռանալուն մասին լուրերը մենք պիտի հրապարակենք», ըսաւ ան: Յայտնենք, որ նախապէս տարածուած այն տեղեկութիւնը, որ անգլիական ակումբը...

Զիտանի Տղան Միացաւ Ալաւեսի

Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտանի տղան` Էնցօ, միացաւ Ալաւեսի, յայտնեց այս նոր ակումբին պաշտօնական կայքը: 22 տարեկան ֆութպոլիստը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Լա-լիկա»-ին մաս կազմող իր նոր ակումբին հետ: Նշենք, որ Էնցօ Զիտան նախքան իր նոր կազմին միանալը հանդէս կու գար Ռէալ Մատրիտի երիտասարդական խումբին հետ, որուն հետ Սպանիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին մասնակցեցաւ 32 մրցումի...

Page 959 of 1277 1 … 958 959 960 … 1,277

Արխիւներ