Պարսելոնայի երկրորդ խումբի միջնապահ Քարլոս Ալենիա իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւնը, որ երեք տարուան ժամկէտով է, կրնայ երկու տարիով երկարաձգուիլ, եթէ սպանացի ֆութպոլիստը տեղափոխուի Պարսելոնայի գլխաւոր խումբ:
Քաթալոնական ակումբը իր 19 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութեան մէջ նշած է, որ անոր փոխանցման արժէքը կը կազմէ 75 միլիոն եւրօ, եթէ ան կարենայ ինքզինք ամրապնդել գլխաւոր խումբին մէջ:
Նախորդ տարեշրջանին Ալենիա Պարսելոնայի գլխաւոր խումբին հետ իր նորամուտը նշեց, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ դաշտ ներկայացաւ (78 վայրկեան) Հերքուլեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1) եւ նոյնիսկ նշանակեց կոլ մը: