Միջազգային կարգ մը մարզական լրատուամիջոցներ նախանցեալ օր անդրադարձան Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի համակիրներէն Արթուրօ Կարսիային, որ բաւական հետաքրքրական «սուտ» մը խօսած է իր կնոջ:
«Ես կնոջս ըսի, թէ կ՛երթամ ծխախոտ գնելու: Բայց չյստակացուցի, թէ ուրկէ՞ պիտի գնէի ծխախոտը: Ի վերջոյ ան իմացաւ, որ ես մեկնեցայ Ռուսիա` ներկայ գտնուելու համար հոն տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքին եւ քաջալերելու մեր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը», ըսաւ մեքսիքացի Կարսիա:



