Ռուսիա հակահրասայլային հրթիռներու նոր մատակարարում կատարած է Ազրպէյճանին` Պաքուի հետ կնքուած սպառազինման գործարքի ծիրին մէջ:
«Տը Արմինիըն Ուիքլի» կը յայտնէ, որ 24 յունիսին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է տեսանիւթ մը` ցուցադրելով տասնեակներով ինքնակառավարուող «Քրիզանթեմա-Ս» համակարգեր, որոնք Պաքուի կասպիցծովեան նաւահանգիստին մէջ դուրս բերուած են ռուսական բեռնատար նաւէ մը:
«Քրիզանթեմա-Ս» համակարգը նախատեսուած է հրասայլեր, զրահապատ մարդատար միջոցներ, ինչպէս նաեւ օդային թիրախներ յայտնաբերելու եւ ղեկավարուող հրթիռներու միջոցով ոչնչացնելու համար: Այս համակարգերը Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպառազինութեան մէջ յայտնուած են 2005-էն սկսեալ:
Ազրպէյճան 10 նոյնպիսի համակարգեր ստացած է 2015-ին: Ռուսիա Ազրպէյճանին վաճառած է նաեւ շուրջ 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ հրասայլեր, հրետանային համակարգեր եւ այլ զէնքեր` 2009-2011 թուականներուն կնքուած համաձայնագիրներուն հիման վրայ: