5-13 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ աշխարհի աթլեթիզմի ախոյեանութիւնը:
Ինչպէս նախապէս հաղորդեցինք, ժամայքացի Ուսէյն Պոլթ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ օգոստոսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք 100 եւ 200 մեթր վազքի մրցումներով պիտի աւարտէ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Այժմ ան կը շարունակէ իր պատրաստութիւնները` Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ մասնակցելով «Կոլտըն Սփայք»-ի մրցաշարքին:
Ան ողիմպիական խաղերու 8-ակի ախոյեան է եւ 100 եւ 200 մեթր վազքի մրցումներուն աշխարհի ախոյեան: