Գերմանական «Պունտըսլիկա-2»-ի իր տոմսը ապահոված Եահն Ռեկենզպուրկ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Օկզպուրկի երկրորդ խումբին:
Մրցումին հաշիւը 29-րդ վայրկեանին բացաւ 24 տարեկան յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ դաշտ ներկայացաւ առաջին կիսախաղին:
Ադամեան վերջերս գերմանական ոչ արհեստավարժ (4-րդ դասակարգ) կազմերէն մէկէն` Շթայնպախէն տեղափոխուեցաւ Եահն Ռեկենզպուրկ, որուն հետ կնքեց 2 տարուան պայմանագրութիւն մը: