«Մարինա»-ի մէջ (Տըպպայէ) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2016-2017 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնի անդամներուն, մարզական լրագրողներու, մարզիկներուն, անոնց ծնողներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ յատուկ հրաւիրեալներու:
Իր խօսքին մէջ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները ըսաւ, որ յառաջիկային եւս պէտք է նոյն ընթացքը շարունակուի, եւ բոլորը տիրանան մրցանակներու` տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Ան ըսաւ, որ այդ իրագործումները կը կատարուին, երբ բոլորը միասին ձեռք-ձեռքի կու տան եւ բարձր կը պահեն Լիբանանի անունը: