Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի աստղ Լիոնել Մեսսի իր հարսանիքէն մէկ օր ետք արդէն կը վերադառնայ Պարսելոնա:
Կ՛ակնկալուի, որ ան շուտով երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ կը հաղորդէ «ԱՍ»:
30 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 2021, իսկ անոր համար վճարուելիք հրաժարագինը պիտի կազմէ 400 միլիոն եւրօ:
Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018-ի ամառ: