NBAStore.com վաճառատան տուեալներով, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քարիի մարզաշապիկները ամէնէն շատ ծախուողներն են ախոյեանութեան ընթացքին:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը յայտնուի Քլիվլենտ Քաւալիրզին մաս կազմող Լեպրոն Ճէյմս, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Քեւին Տիւրանթ (Ուորիըրզ):
«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն արժէքաւոր մարզիկը ճանչցուած Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա Սիթի) յայտնուեցաւ չորրորդ դիրքին վրայ, իսկ Քաւալիրզին մաս կազմող Քիրի Ըրվինկ` հինգերորդ դիրքին վրայ: