Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես ակումբին մաս կազմող սպանացի միջազգային յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթայի մասին շրջանառութեան դրուած լուրերուն անդրադառնալով ըսաւ. «Մենք բանակցութիւններ չենք կատարեր Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Կարգ մը անձեր այս գծով կը տարածեն անհիմն տեղեկութիւններ, որոնք երբեք իրականութեան չեն համապատասխաներ: Անոր մնալուն կամ հեռանալուն մասին լուրերը մենք պիտի հրապարակենք», ըսաւ ան:
Յայտնենք, որ նախապէս տարածուած այն տեղեկութիւնը, որ անգլիական ակումբը պատրաստ է անոր փոխանցման համար վճարելու 70 միլիոն եւրօ, բայց արքայական ակումբը կը պահանջէր 80 միլիոն եւրօ: