Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արմէն Մկրտչեան մամլոյ ասուլիս մը տալով մանրամասնեց, թէ ինչո՞ւ հեռացաւ եւ լքեց իր պաշտօնը:
«Մամուլին մէջ կարդացի, որ ես հեռացայ, որովհետեւ Գագիկ Ծառուկեան չկատարեց իր խոստումը: Իմ ներկայացուցած հրաժարականիս մէջ գրուած էր, որ ես կը հեռանամ աղջկանս առողջական խնդիրներուն պատճառով: Կը խնդրեմ բոլորէն, որ չշահագործեն իմ անունս եւ աւելորդ խօսակցութիւններու դուռ չբանան: Եթէ պատահի, որ առողջական այդ խնդիրները կարգի դրուին եւ ամէն ինչ ընթանայ իր բնականոն ձեւով, յոյսով եմ, որ կը վերադառնամ», ըսաւ ողիմպիական նախկին փոխախոյեանը:
Արմէն Մկրտչեան 21 յունուար 2017-էն ի վեր կը վարէր գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը: Այժմ նոր գլխաւոր մարզիչն է Յաբեթնակ Կուրղինեան: