Լիբանանցի առեւտրական Սամիր Շամխա «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի մարզական լրագրող Ղայեաս Տիպրայի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի աստղ` Լիոնել Մեսսի ապագային կրնայ Լիբանան գալ:
«Յառաջիկայ երեքշաբթի օր Պարսելոնայի երեք աստղերուն` Փիքէի, Ալպայի եւ Պուսքեթցի Լիբանան գտնուիլը` Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումին առիթով, մեծ շարժառիթ մը պիտի ըլլայ Մեսսիի համար, որ ինք ալ մտածէ Լիբանան գալու մասին, անշուշտ` մեր հրաւէրին ընդառաջելով:
«Եթէ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք հրաժեշտի այս մրցումին լիբանանցի համակիրները ըլլան օրինակելի, ատիկա մեծ ներշնչում մը պիտի տայ Մեսսիին, որ առանց երկմտանքի եւ տատամսումի որոշէ իր կարգին Լիբանան այցելել», ըսաւ Շամխա:
Յայտնենք, որ Սամիր Շամխա շատ մօտիկ յարաբերութիւններ ունի աշխարհի տարածքին գտնուող անուանի ֆութպոլիստներու հետ: Անոր միջոցով էր, որ Ռոնալտինիօ այցելեց Լիբանան, ինչպէս նաեւ ան ամէն ճիգ թափեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունենայ Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ վեթերաններու «Քլասիքօ»-ի մրցումը: