Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը վաղը` կիրակի, 2 յուլիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը` Չիլիի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Այս մրցումէն հինգ ժամ առաջ տեղի պիտի ունենայ երրորդ դիրքի մրցումը` Փորթուգալի եւ Մեքսիքայի միջեւ: