Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ վաղը` կիրակի, 2 յուլիսին Մեքսիքայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի երրորդ դիրքի մրցումին ծիրին մէջ:
Ան մեկնեցաւ Ռուսիայէն եւ բնականաբար լքեց Փորթուգալի հաւաքականը` նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հանդիպեցաւ իր երկուորեակ զաւակներուն` Էվայի եւ Մաթէոյի հետ:
32 տարեկան ֆութպոլիստը յայտնեց, որ ինքզինք շատ ուրախ կը զգայ իր երկու զաւակներուն ներկայութեան: