Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Գերմանիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ:
Միչել Ուայզըրի նշանակած կոլին շնորհիւ (40-րդ), Գերմանիա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Մրցումին իրաւարարն էր ֆրանսացի Պենուա Պասթիեն, իսկ մրցումին ներկայ էր 14 հազար հանդիսատես:
Այսպիսով, Գերմանիա երկրորդ անգամն ըլլալով կը հռչակուի Եւրոպայի ախոյեան: Անիկա առաջին անգամ այդ յաջողութեան հասած էր 2009-ին:



