Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ կիրակի, 9 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Արզի 26-րդ ռելին` հիւսիսային Լիբանանի նահանգին մէջ:
Անիկա կ՛իյնայ Լիբանանի 2017-ի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ` գարնանային եւ Ժեզզինի ռելիներէն ետք:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 310,40 քմ: Անոր ազդանշանը պիտի տրուի Էհտենի մէջ գտնուող «Էհտեն Քաունթրի Քլապ» պանդոկին առջեւէն:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 4 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը: