Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտանի տղան` Էնցօ, միացաւ Ալաւեսի, յայտնեց այս նոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
22 տարեկան ֆութպոլիստը երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Լա-լիկա»-ին մաս կազմող իր նոր ակումբին հետ:
Նշենք, որ Էնցօ Զիտան նախքան իր նոր կազմին միանալը հանդէս կու գար Ռէալ Մատրիտի երիտասարդական խումբին հետ, որուն հետ Սպանիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան նախորդ տարեշրջանին մասնակցեցաւ 32 մրցումի եւ նշանակեց 5 կոլ: