Վերջին օրերուն շատ կը խօսուի պրազիլցի ֆութպոլի աստղ Նէյմարի Պարսելոնայէն հեռացման մասին: Կը կարծուի, որ անոր յաջորդ ակումբը Փարիզ Սեն ժերմենը պիտի ըլլայ:
Այդ իսկ պատճառով, Պարսելոնա դադրեցուց իր կատարելիք փոխանցումներու արշաւը` նկատի ունենալով, որ անոր ապագան եւ ճակատագիրը կը մնան անորոշ` քաթալոնական ակումբին մէջ:
Sport.es կը նշէ, որ եթէ Նէյմար որոշէ մնալ Պարսելոնայի հետ, խումբը իր կազմին պիտի միացնէ միջնապահ մը եւ կեդրոնի յետսապահ մը: Սակայն եթէ ան որոշէ հեռանալ խումբէն, խումբին կատարելիք փոխանցումները ամբողջութեամբ պիտի փոխուին:



