Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մանչեսթըրի տերպին տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքէն դուրս, երբ Հիուսթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) երէկ իրարու դէմ ճակատեցան Եունայթըտ եւ Սիթի:
Փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, 2 – 0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքուի եւ անգլիացի յառաջապահ Մարքուս Ռեշֆորտի նշանակած կոլերուն, յաջորդաբար 37-րդ եւ 39-րդ վայրկեաններուն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ կատարեց երկրորդ կոլին փոխանցումը (էսիսթ), 62-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:



