Ապիճանի մէջ (Փղոսկրեայ Ափունք) այսօր տեղի կ՛ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու 8-րդ խաղերուն բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Հակառակ անոր որ խաղերուն բացումը այսօր է, սակայն տեղի պիտի ունենան մրցումներ, որոնց կարգին` Լիբանանի 20 տարեկանէն վար ազգային խումբը մրցում մը ունի կատարելիք Պուրքինա Ֆասոյի դէմ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին:
Աղջկանց խումբը (18-25 տարեկան) վաղը կը մրցի Փղոսկրեայ Ափունքի դէմ:
Աթլեթիզմի մրցումները կը սկսին երկուշաբթի օր, իսկ ժիւտոյի մրցումները` երեքշաբթի օր:
Լիբանան կը մասնակցի նաեւ փինկ փոնկի, հեծելարշաւի եւ շարք մը այլ մրցումներու:
Լիբանանեան պատուիրակութեան վերջին խումբերը երէկ հասան Ապիճան եւ հոն դիմաւորուեցան Լիբանանի դեսպան Ուիսամ Քալաքաշի կողմէ: