Հակառակ անոր որ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը այժմ անել կացութեան մատնուած է. անոր նախագահին` Անխել Մարիա Վիլարի եւ այլ պատասխանատուներու ձերբակալումին պատճառով, սակայն իրենց գումարած մէկ նիստին ընթացքին, ֆետերասիոնին անդամները յայտարարեցին, որ ուրբաթ, 21 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ «Լա լիկա»-ի 2017-2018 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Սկզբունքով անոր վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենար երէկ, բայց անիկա յետաձգուեցաւ ուրբաթ օրուան: