8 օգոստոսին Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումը:
«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է իտալացի Ճիանլուքա Ռոքի: Անոր օգնականները պիտի ըլլան իտալացիներ Էլենիթօ Տի Լիպերաթորէ եւ Մաուրօ Թոնոլինի:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ռէալ Մատրիտ տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսին, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ հանդիսացաւ «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր: