Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Վարշամ Բորանեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքի մը, 71 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ պրոնզ մետալի, հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Այս մրցաշարքը յառաջիկայ օգոստոսին տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան նախապատրաստական հանգրուան մըն է, որուն Հայաստանի ըմբիշներէն մասնակցեցաւ միայն Բորանեան:
Յայտնենք, որ ան վնասուածքի պատճառով բացակայեցաւ վերջերս Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքէն:



