Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխի պատասխանատուներէն Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբի նոր խմբապետ նշանակուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր, որ փոխարինեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած Ֆիլիփ Լահմը:
2011-ին Շալքէէն Պայէրն Միւնիխ տեղափոխուած Նէօյըր միեւնոյն ժամանակ Գերմանիոյ ազգային խումբին խմբապետն է: