Հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, սակայն աւարտականի ճակատումին տեղի ունեցաւ բաւական արտասովոր դէպք մը:
Աւարտական մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքող «Ֆորմիւլա-1»-ի գործող ախոյեան գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկին արտօնութիւն չեն տուած մուտք գործել պատուոյ թրիպիւն` նկատի ունենալով, որ ան առանց գուլպաներու էր:
Պատուոյ թրիպիւն մուտք գործող հրաւիրեալները պէտք է հագած ըլլան յատուկ համազգեստ, տղամարդիկը` պաշտօնական հագուկապով. վերարկու եւ փողկապ:
Ռոզպըրկ պաշտօնական հագուկապով էր, սակայն… առանց գուլպաներու:
Մրցաշարքին կազմակերպիչները անոր գուլպաներ ապահովելէ ետք արտօնած են, որ ան մուտք գործէ, կը նշէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:



