Անգլիացի հեծելանւորդ Քրիս Ֆրում կարեւոր քայլ մը առաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին ծիրին մէջ «Թուր տը Ֆրանս»-ի չորրորդ տիտղոսին տիրանալու իմաստով, երբ աւարտեց երէկուան 19-րդ հանգրուանի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Էմպրիւնէն Սալոն տը Փրովանս (222,5 քմ):
Անգլիացին յաջողեցաւ իր մօտ պահել դեղին շապիկը` արձանագրելով 83 ժամ 26՛ 55՛՛ արդիւնք մը:
«Սքայլ» խումբին մաս կազմող Ֆրում այժմ 23՛՛-ի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող ֆրանսացի Ռոմեն Պարտեթի վրայ (Էյ.Ճի.- 2-ԱՐ. Մոնտիալ), իսկ 29՛՛-ի առաւելութիւն մը քոլոմպիացի Ռիկոպերթօ Ուրանի վրայ (Քանոնտալ – Տրափաք):
Խումբերու դասաւորման մէջ «Սքայ» կը հանդիսանայ առաջին (250 ժամ 38՛ 26՛՛)` 3՛ 08՛՛-ի առաւելութիւն մը ունենալով Էյ.Ճի.2- ԱՐ. Մոնտիալ»-ի վրայ:
Երէկուան հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւեց նորվեկիացի Էրվալտ Պոասըն Հակեն:



