Միացեալ Նահանգներու մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտի կատարած փորձերուն ներկայ եղաւ նաեւ 2016-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի գերմանացի ախոյեան Նիքօ Ռոզպըրկ:
Գերմանացի ախոյեանը այս առիթով կարճատեւ զրոյց մը ունեցաւ եւ ապա լուսանկարուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի հետ, որուն միջազգային հռչակը հետզհետէ կը ծաւալի եւ այնպէս կը թուի, որ բոլորն ալ կ՛ուզեն, որ հայրենի ֆութպոլիստին հետ լուսանկարուին: