Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Թոնի Քրուս, ապաքինելով իր ստացած վնասուածքէն, ընդհանուր խումբին հետ վերսկսաւ իր փորձերուն, յայտնեց սպանական «ԱՍ» հանրածանօթ օրաթերթը:
27 տարեկան սպանացին վիրաւոր ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ Ռէալ Մատրիտի կատարած վերջին երկու մրցումներէն:
Ռէալ Մատրիտ ամերիկեան իր շրջապտոյտը պիտի աւարտէ` «Մէյճըր լիկ»-ի աստղերէն կազմուած խումբին դէմ իր վերջին մրցումը կատարելէ ետք:
Նախորդ տարեշրջանին գերմանացի Քրուս 29 մրցումի ընթացքին, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 12 էսիսթ: