Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի ջանքերով կազմակերպուեցաւ «Հազարամեակի մրցամարտ» անունը կրող մեծ մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի երիտասարդներու 2 տարիքային խումբերը (14 եւ 17 տարեկան):
Միացեալ Նահանգներ-աշխարհ պայքարին, վերջինին խումբը կը գլխաւորէր աշխարհի 16 տարեկանէն վար ախոյեան Հայկ Մարտիրոսեան, իսկ Միացեալ Նահանգներու խումբը` հայազգի Սամուէլ Սեւեան:
Այս մրցաշարքին տեղի ունեցան 8 հանգրուաններ, որոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներ արձանագրեցին 5 հաւասարութիւն եւ կրեցին 3 պարտութիւն:
13-ի դիմաց 19 արդիւնքով աշխարհի խումբը յաղթեց Միացեալ Նահանգներուն:
Մարտիրոսեան եւ Սեւեան իրարու դէմ մրցեցան երկու անգամ` արձանագրելով մէկական յաղթանակ:
Աշխարհի խումբին պարգեւատրումին, որ տեղի ունեցաւ «Սենթ Լուիս» ճատրակի սրահին մէջ, մրցանակները յանձնեցին Վիշվանաթան Անանտ եւ Ուեսլի Սօ: