Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի պասքեթպոլի երկու հաւաքականները կարեւոր նուաճումներ արձանագրելով հանդիսացան ախոյեան:
Տղոց պատանեկան հաւաքականը Անտորրայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ախոյեան հանդիսացաւ, երբ աւարտական ճակատումին 88-70 արդիւնքով յաղթեց Ճիպրալթարի:
Հայրենի կազմէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Գէորգի Շախնազարով (27):
Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Գ. դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին արժանացաւ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ աւարտականին 63-44 արդիւնքով յաղթեց Մալթայի: Աննա Ասլանեան նշանակեց 22 կէտ:
Նշենք, որ Հայաստան կիսաւարտականին յաղթեց Վրաստանի` 74-53 արդիւնքով: