«Լա լիկա»-ի խումբերէն Սեւիլլա իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն յայտարարեց միջնապահ Խեսուս Նաւասի վերադարձը: 31 տարեկան սպանացի ֆութպոլիստը, որ չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, տարեկան պիտի գանձէ 2 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Ան նախապէս 2003-2013 մաս կազմած է Սեւիլլայի, ապա չորս տարեշրջան մաս կազմած է Մանչեսթըր Սիթիի` անոր հետ բարձրացնելով ախոյեանութեան տիտղոսը:
Յայտնենք, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան հանդիսացած է աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան: